
Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ.ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ`Ը
Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական գրեսենեակի յայտարարութեան,
11Մայիս 2010 երեքշաբթի ,առաւոտեան ժամերուն ,Պուլկարիոյ Սոֆիա քաղաքի մէջ, Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնի երիցագոյն միաբանններէն , Հայ Առաքելական Ս.Եկեղեցւոյ նուիրեալ ու բազմավաստակ սպասաւոր Ռումնիայի եւ Պուլկարիայի Հաոց Թեմի Առաջնորդ Գերշնհ. Տ.Տիրայր Արք. Մարտիկեան ,80 տարեկան հասակին ,վախճանեցաւ.
Տիրայր Արք. Մարտիկեան , աւազանի անունով Տիգրան ծնած է, 20 Մայիս 1930 ին Պէյրութ, նախնական կրթութիւնը ստացած է, տեղւոյն Սահակեան ու Աբգարեան վարժարաներուն ,ապա 1944-1947 թուականներուն Երուսաղէմի Սրբոց Հակոբեանց Վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ.
1947 թուականին գաղթաց է, Հայաստան, ուսումը շարուակաց է, Մայր Աթոռի Հոգեւոր Ճեմարանի մէջ.1951 թուականին ձեռնադրուած է, սարկաւագ ապա 1955 թուականին կուսակրօն քահանայ.
1955թուականին նշանակուած է, Պաքու ի Հայոց հոգեւոր հովիւ ի պաշտօնօնին.
1956 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. հայրապետի ձեռամբ ստացած է, վարդապետի աստիճան.
1958 թուականին ընտրուած է, Ատրպէյճանի ,իսկ,1960 թուականին Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ.
1964 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. ձեռամբ ձեռնադրաուած է եպիսկոպոս, իսկ ,1980 թուականին արժանացած է Արքութեան տիտղոսին.
Երջանկայիշատակ սրբազանը արժանացած է, Հայ Եկեղեցւոյ ու Ռումանիոյ պետութեան մի շարք բարձր շքանշաններուն ու պարգեւներուն.Ան շնորհուած է նաեւ <Խաղաղութեան Համաշխարհային Խորհուրդ>ի բարձր պարգեւին.
Հանգուծեալ Սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Պուխարեստ`ի մէջ.
Յիշատակն արդարոյն , օրհնութեամբ եղեցի.
Ամենակալ Տէրը ,հանգուցեալ սրբազան հօր հոգին իր երկնային լուսաւոր օթեւաններուն արժանի ընէ,լոյս հովանի յաւիտենական , մեր սրբակենցաղ սրբազան հօր,իսկ ,իր հոգեւոր եղբայրներուն, համայն ընտանեկան պարագաներուն, եւ ժողովուրդս ազգիս հայոց հոգւոյն Սրբոյ մխիթարութիւն պարգեւէ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Leave a Reply