October 2, 2023

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀ՝ ՄԻՆՉ ՕՐՍ ԻՐԱՐՈՒ ՀԱԿԱԴԻՐ ԳԵՐՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

ԱԶԱՏ ԿԱՐԾԻՔ

Գրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը իր լոյս աշխարհ գալէն ի վեր,– ինչպէս յետսովետական ժամանակաշրջանին անկախացած բոլոր պետութիւնները,– կը գտնուի մասնաւորապէս երկու գերպետութիւններու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային հզօր հոսանքներու բախման կեդրոնին, առաւել եւս՝ աշխարհի տարաբնոյթ եւ տարատեսակ շահերու բախման կեդրոնը հանդիսացող տարածքի մը մէջ գտնուելուն պատճառով։

Պատմական դաժան անցեալով՝ մեծ, բայց այժմ հողատարածքով՝ փոքր մեր հայրենիքը իբր պետականութիւն՝ Գ. Հանրապետութեամբ ծնաւ իր պատմական հայրենիքին չնչին մէկ հատուածին մէջ, ու բազմակողմանի հաշմանդամ։

Նախ հաւատամքի կամ գաղափարախօսութեան իմաստով։

Ան ծնաւ ոչ թէ Ա. Հանրապետութեան նման, այսինքն մեր դարաւոր ստրկութենէն եւ հպատակութենէն անճար հայ ժողովուրդի ամբողջ մնացորդացի կամքին ի պատասխան, հուրի եւ սուրի ճամբով, այլ՝ սովետական կայսրութեան փլուզման հետեւանքով, կարծես իբր երկինքէն իջնող մանանայ, ի տարբերութիւն Արցախի Հանրապետութեան ծնունդին, ի հետեւանք իր ազգային գոյամարտին։

Ճիշդ այդ պատճառով ալ կարծես թէ մինչ օրս Երրորդ Հանրապե-տութեան վերածնունդը չկարողացաւ իր դրոշմը դնել մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի ո՛չ նոր սերունդներու հոգեվիճակին վրայ, ո՛չ ալ հին սերունդներու հոգեկերտուածքին մէջ։ Աշխարհը կը փոխուէր, ուստի մենք եւս հրաժեշտ կու տայինք «էն երանելի սովետի վախտ»ին, փորձելով մտնել ազատ եւ ժողովրդավար կարծեցեալ, բայց իրականին մէջ ազատութիւն կոչեցեալ մոգական պիտակով նոր՝ համաշխարհային եւ ազատ շուկայական աշխարհին մէջ, եւ ուրիշ ոչի՛նչ։ Մէկ խօսքով, ան ոչ միայն Առաջին Հանրապետութեան, ազգային պետութեան շարունակութիւնը չէր, այլ նաեւ՝ գաղափարական իմաստով անոր ժառանգորդն իսկ չէր։

Մեր Երրորդ Հանրապետութիւնը ծնաւ իբր ժառանգորդ մեր Երկրորդ Հանրապետութեան՝ Սովետական Հայաստանին, այն ալ՝ գերհզօր կայսրութեան փլուզումին հետեւանքով՝ իրեն ինկած բաժինով եւ իր պատմական վէրքերով։

Երրորդ Հանրապետութիւնը ընդունելով Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշերը,– ինչպէս՝ փառերգ, զինանշան ու եռագոյն, եւ այն օրերուն աշխարհին իբր դեղատոմս մատուցուող ժողովրդավարութեան ու ազատ շուկայականի նման լոզունգային արժէքներ,– երբեք ալ չկարողացաւ ո՛չ ժողովրդավարանալ, ո՛չ ալ անկախանալ բառին բուն իմաստով՝ անցեալի իր հին մտածելակերպէն ու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու իր երբեմնի կենցաղէն։

Բայց քանի որ Պաղ պատերազմը արդէն վերջ գտած էր ու Պերլինի պատը արդէն քանդուած, արեմտեան կենցաղը եւ բարքերը իր լաւ ու գէշ կողմերով ու հետեւանքներով, իրենց հզօր բովանդակ արժեհամակարգով ներթափանցեցին մեր նորածին Երրորդ Հանրապետութիւն, որ հազիւ դուրս եկած էր երկրաշարժի արհաւիրքէն եւ Արցախեան ազատագրական պայքարէն։

Ինչպէս ըսինք, սովետի փլուզումէն յետոյ, դէպի հայկական լեռնաշխարհ գրեթէ քանի մը դար փչած հիւսիսային քամիներուն՝ այս անգամ պիտի խառնուէին արեւմտեան տարբեր քամիներ, ներթափանցելով՝ արեւմտեան պատուհանէն, զոր վերանկախացած հայրենիքը լայն բացած էր։

Գաղափարախօսութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ մասնաւորապէս աշխարհահայեացքներու բախման այս գործընթացին մասնակցեցան եւ ներկայ եղան բոլորը, ինչպէս հայկական Սփիւռքը, այնպէս ալ օտար ծագումով ուժեր եւ կազմակերպութիւններ: Մէկը միւսին հետ կը մրցէր,– անցեալ դարերու նման,– «խաւար» եւ հեռաւոր այս ցամաքամասին մէջ «յառաջդիմութեան» լոյսը մեր ժողովուրդին մէջ կրկին սփռելու մարմաջով վարակուած: Այս գործին լծուեցան այնպիսի կազմակերպութիւններ, որոնց իսկական եւ խորքային շարժառիթները շատ յաճախ յստակ չէին ո՛չ Արեւմուտքէն զանոնք բերողին եւ ո՛չ ալ տեղւոյն վրայ գտնուողին։

Այս փաղանգին մէջ կային նաեւ գրեթէ ամբողջ դարու մը ընթացքին արեւմտեան արժեհամակարգին մէջ ծնած, ծիլ տուած եւ մշակուած որոշ Սփիւռքահայեր, որոնք մեծ յուզումով կը փորձէին ի սէր հայրենիքի, անկեղծ եւ անմեղ զգացումներով փոխանցել իրենց համար անսասան ճշմարտութիւններ։ Կասկած չկայ որ այս բոլոր անհատական եւ խմբակային հայկական բարեսիրական, կրօնական եւ կամ քաղաքական կազմակերպութիւնները վերադարձան Հայաստան աշխարհ, իրենց դաւանած առաքելութիւնը շարունակելու ազնիւ միտումով։

Բայց այս բոլոր եկուորներուն մէջ կային նաեւ օտար ծագումով տարաբնոյթ հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց մասին Հայաստանի հասարակութիւնը ընդհանրապէս տեղեակ անգամ չէր, ո՜ւր մնաց անոնց երեւելի կամ աներեւոյթ նպատակներուն գիտակցութիւնը։

Այս տեսակ օտար ծագում ունեցող հասարակական կազմակերպութիւններու համար՝ յետսովետական Հայաստանը իրենց ազդեցութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ փորձառութեան դաշտը ընդլայնելու համար շատ յարմար միջավայր էր։ Կրօնական տարբեր աղանդներէն սկսեալ՝ յետխորհրդային քաղաքական ասպարէզին մէջ սունկի նման աճող եւ հայաստանեան կենցաղին վրայ դրոշմը դնող այս բաց հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց ազդեցութեան դաշտը ընդլայնելու համար երկրին ապագայ կիրթ եւ ուսանող խաւը թիրախաւորեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թիրախաւորել:

Երկրի ապագային համար ամենախոստմնալից երիտասարդներուն դրամանշնորհներ տրամադրելով, զանոնք հեռաւոր Ամերիկաներու մէջ հանրաճանաչ ուսումնական կեդրոններ ուղարկելով՝ Հայաստանի մէջ ապագային իրենց ի նպաստ որոշում կայացնող ուղեղներ պատրաստելու աշխատանք տարին այդ ուժերը։ Օրինակներու շարքը կարելի է ընդլայնել կամ մանրամասնել։

Ահաւասիկ ա՛յս է երեք տասնամեակ յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան իրականութեան, աւելի ճիշդ հայաստանեան հասարակութեան խճանկարներու մեր նշմարած հաւաքածոն։

Այս առիթով, մենք կ՚ուզենք շեշտը կրկին դնել մեր դարաւոր եւ ամենազգայուն թեմային վրայ ու աւարտել մեր զրոյցը հրապարակային քանի մը հարցադրումներով։

Մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, մեր աշխարհագրական դիրքին բերմամբ՝ միշտ եղեր ենք երկու գերտէրութիւններու եւ իրենց գերքաշողական ուժերուն միջեւ եւ յաջողեր ենք ապրիլ կամ աւելի ճիշդ՝ գոյատեւել իբր ազգ: Կեդրոնաձիգ սեփական ուժի բացակայութեամբ, մենք զմեզ պիտի գտնենք ա՛լ աւելի անոնց ազդեցութեանց բախման կեդրոնին։

Այս պատճառաւ ալ, Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն մէջ մեր երկրի ապագային նկատմամբ իրարու հակամէտ, տարբեր աշխարհահայեացքներ գոյութիւն ունին այսօր:

Մեր ազգը երկար ժամանակ գոյատեւած է մասնատուած, ընդհանրապէս տարբեր գերտէրութիւններու հպատակի կարգավիճակով։ Անցեալ դարուն Արեւմտեան Տաճկահայաստանի կործանումէն յետոյ, Արեւելեան Ռուսահայաստանը սովետի վահանի հովանաւորութեան տակ կրցաւ գրեթէ դար մը եւս գոյատեւել. Սովետի կայսրութեան փլուզումէն վերջ իբր անկախ նորածին պետութիւն՝ մենք ինկանք կրկին Պարսից եւ Հռոմէից ժամանակներու նման՝ կեդրոնախոյս քաշողական երկու ուժերու միջեւ, ուր՝ հարցը մեզի համար այժմ գրեթէ պատկանելիութեան եւ ինքնութեան պայքարի վերածուած է։

Մինչ մէկ կողմէն կը գտնուինք մեր ժառանգած՝ տարածքով փոքր մեր հայրենիքը առաջին յարմար առիթով երկու կողմերէն խեղդել եւ անհետացնել ուզող թրքական երկու պետութիւններու դէմ յանդիման, միւս կողմէ ալ կը գտնուինք միմիայն մեր այս դժուար դիրքը չարաշահող եւ մեզ կրկին իր ազդեցութեան գօտիին մէջ տեսնել ուզող մեր դարաւոր մեծ եղբայր, ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանի մագնիսին ենթակայ:

Վարժ էինք այս վիճակին մէջ ապրելու, իսկ հիմա մեր հայրենիքը կը գտնուի կիրթ, փափուկ, «սոֆթ» Արեւմուտքէն ներթափանցող արժեհամակարգի մը ազդեցութեան տակ ալ, իր շատ աւելի տարաբնոյթ շերտաւորումներով՝

– արեւմտեան ճակատի գերտէրութեանց ռազմաքաղաքական շահերը ներկայացնող հոսանքը, ինչպէս նաեւ այս պահուս հզօր կշիռ ունեցող հասարակական որոշ կազմակերպութիւններու շարանը եւ շահերը, որոնց հաւատամքը համաշխարհայնացումն ու ապազգայնացումն է։

Այս ուժերուն, Արեւմուտքի յառաջադէմ մտածելակերպին համար՝ ազգային կամ ազգայնական ածականները ժամանակավրէպ, կամ աւելի ճիշդ՝ բոլորովին բացասական իմաստ ունին։

Այսօր երբ մեր երկիրը բաժնուած է,– ցաւ ի սիրտ,– հիներու եւ նորերու, անցեալի ու ներկայի միջեւ, մշտնջենական եւ հոգեւոր հայրենիք Հայաստանի խօսքն անգամ գոյութիւն չունի հասարակութեան մտածելակերպին ու յիշողութեան մէջ:

Այսօր մեր հարիւրի մօտ առցանց կամ գրաւոր մամուլին կամ հեռատեսիլի տասնեակ ընկերութիւններուն գերակշռող մասը կը գանձատրուի կա՛մ ռուսամէտ հին իշխանութիւններուն, կա՛մ ալ բոլորովին արեւմտամէտ դրամաշնորհներով:

Պառակտուած է ազգը. հայաստանեան հասարակութիւնը ամէն առիթով հեշտութեամբ զիրար ամէն տեսակ դաւաճանութեամբ կ՚ամբաստանէ, հակազգային, սորոսական, չեկիստական կամ քրեմլինական:

Այսօր Հայաստանի մէջ մեր տեսած քաղաքական, մշակութային կամ այլ ոլորտի մեծ ու փոքր բոլոր տագնապները մեծ մասամբ անմիջական կապ ունին աւելի ճիշդ հետեւանքներն են այս երկու մայր հոսանքներուն նախ մեր երկրին մէջ ներկայութեան եւ ամէնէն վտանգաւորը՝ պարբերաբար անոնց զօրաւոր բախման։ Առաւել եւս, անկախութեան առաջին օրէն ի վեր եւ մինչեւ օրս շարունակուող անխիղճ միջավայրի մէջ:

Բորբոքած կիրքերով իյնալով այս գերհոսանքներու ազդեցութեան ծուղակին մէջ, մենք կրնանք կրկին,– ինչո՞ւ չէ,– Մարտ մէկեր կամ թաւշեայ, կամ գունաւոր յեղափոխութիւններ ապրիլ:

Պառակտուած է ազգը. բացիլ (մանրէ), պատմութեան աղբանոց եւ այլն պիտակաւորումներով իսկապէս անհնար է առողջ եւ հաւասարակշռուած քաղաքական միջավայր ստեղծել, ուր մնաց վէրքերը սպիացնել։

Դարեր շարունակ ժողովրդավարութենէ եւ ընդհանրապէս քաղաքական մշակոյթէ զուրկ մեր ժողովուրդը իր անկախութեան սկիզբէն ի վեր փնտռեց «փրկչի» մը կերպարը։ Ինչպէս ամէնուր եւ միշտ, բոլոր այն ժողովուրդները որոնք դեռ կ՚երազեն աւելի նոր եւ աւելի լաւ փրկիչներ, որոնք կը խորհին թէ այս մէկ փրկիչը մի գուցէ կրնայ, իրենց տեղ, երկիրը շտկել, աւելի արդար համակարգ մը ստեղծել, դատապարտուած են յուսախաբ ըլլալու եւ կրկին նորանոր փրկիչներ փնտռելու:

Այնքան ատեն, որ հայաստանեան մեր ներքաղաքական աշխարհի տրամաբանութեան մէջ գերակշիռ իմաստութեան փոխարէն շարունակուի երախայական վրէժխնդրութիւնը, կամ՝ «եթէ ես իմ ընդդիմադիր հակառակորդը չոչնչացնեմ՝ վստահ, վաղը ան իր իշխանութեան օրօք զիս պիտի ոչնչացնէ» մտածելակերպը, մենք պիտի դառնանք խաղալիք եւ մնանք օտար գերտէրութիւններու եւ գերհոսանքներու բախման կեդրոնին: Վկայ՝ միջինարեւելեան մինչեւ օրս տեւող արաբական գարունները եւ պառակտուած ու քայքայուած պետութիւնները:

Այս պայմաններուն մէջ մեզի փրկարար օղակ կրնայ հանդիսանալ կեդրոնաձիգ ուժը՝ «հայակեդրոն» մտածելակերպը, զոր տակաւին չենք յաջողած հաւատամքի վերածել Հայաստանի մէջ եւ ի Սփիւռս աշխարհի: Դժբախտաբար, այս մտածելակերպը տակաւին մեր ժողովուրդին մէջ լոզունգի կարգավիճակէն անդին չէ կրցած անցնիլ։

Այնքան ատեն որ մեր երկիրը չունի հայ ժողովուրդի համար իր ուրոյն յստակ ազգային ծրագիրը եւ ոչ ալ յաւերժ գոյատեւելու համար անփոփոխ հաւատամքը, դեռ երկար ժամանակ դատապարտուած ենք ինչպէս անցեալին, օրըօրին ապրելու, «եոլա» երթալու, եւ օրուան իրավիճակին հետ՝ կա՛մ մէկուն եւ կա՛մ միւսին համակերպելու, կա՛մ ալ ինչպէս ըսինք՝ դուրսի հզօր ուժերու բախման թատերաբեմը դառնալու, ինքնիշխանութեան դիրքերը միշտ զիջողի կարգավիճակին մէջ:

Յ.Գ.-1928-ին ՀՍԽՀ ներգաղթած լուսահոգի մարքսիստ հօրաքրոջս համար արեւը հիւսիսէն կը ծնէր, իսկ 1991-էն ի վեր վերանկախացած նոր սերունդներուն համար արեւը ընդհանրապէս արեւմուտքէն կը ծնի։ Հասած է ժամանակը մենք զմեզ համոզելու, որ մեզ ճիշդ ճամբայ առաջնորդնող միակ արեւը մեր մէջէն ծագող, մեր ուրույն արեւն է։

Ն.Ս.

NOR HARATCH

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4