June 6, 2023

Հաղորդագրութիւն

Խոր ցաւով կը գուժենք ֆրանսահայ քաղաքական-պետական գործիչ, պետական բարձրագոյն պաշտօններ զբաղեցուցած, Հայ Դատի եւ ազգային ազատագրական պայքարի աննկուն պաշտպան, Հայաստան-ֆրանսա բարեկամութեան ամրապնդման եւ խորացման մէջ նշանակալի ներդրում կատարած՝ իրաւաբան Փաթրիք Տեւեճեանի մահը, որ պատահեցաւ երէկ գիշեր՝ թագաժահրով (քորոնա) վարակուելէ օրեր անց:

Իր մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ՝ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած անխոնջ մարտիկ մը, որ գրեթէ քառասուն տարի հաւատարմօրէն ծառայեց Հայ Դատին եւ անոր միջոցով՝ իրաւունքի եւ արդարութեան համամարդկային արժէքներուն:

Մեր խորզգաց ցաւակցութիւնները իր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, եւ համայն հայ ժողովուրդին:

29 Մարտ 2020

ԱԶԱՏ Կազմակերպութիւն

Ֆրանսա

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4