October 2, 2023

Հարցազրոյց՝ Լիոնի շրջանի «Վինասիէ» հոգեբուժական կեդրոնի հետազօտութեան բաժնի տնօրէն Ժան-Ֆիլիփ Կարսիայի հետ

ՀՀ Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պութեամբ եւ Լիոնի քա­ղաքա­պետա­րանի ու «Վի­նասիէ» հո­գեբու­ժա­կան կեդ­րո­նի հո­վանա­ւորու­թեամբ, Փետ­րուար 20-21-ին Երե­ւանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ման­կա­կան հո­գեբու­ժութեան զար­գացման հե­ռան­կարնե­րը. միջ­մասնա­գիտա­կան հա­մագոր­ծակցու­թիւն» թե­մայով ֆրան­քեւհայ­կա­­­կան գի­տաժո­ղովը, որուն մաս­նակցե­ցան Հա­յաս­տա­նէն եւ Ֆրան­սա­յէն մաս­նա­գէտ­ներ, այդ կար­գին՝ նաեւ Լիոնի շրջա­նի «Վի­նասիէ»-ի հե­տազօ­տու­թեան բաժ­նի տնօ­րէն Ժան-Ֆի­լիփ Կար­սիա, որուն հետ ու­նե­ցանք ստո­րեւ տրուած հար­ցազրոյցը.-

* * *

«Նոր Յա­ռաջ» – Ե՞րբուընէ ի վեր լծուած էք Հա­յաս­տա­նի եւ «Վի­նա­սիէ» հո­գեբու­ժա­կան կեդ­րո­նի մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան աշ­խա­տան­քին։

Ժան-Ֆի­լիփ Կար­սիա – Այս հա­մագոր­ծակցու­թեան ծրագ­րի շրջագ­ծին մէջ, 2009-էն ի վեր 6-րդ ան­գամն է որ Հա­յաս­տան կը գտնուիմ։ Մենք սկսած ենք հիմ­նար­կու­թեանց մէջ հի­ւան­դա­պահ­նե­րու եւ ղե­կավար կազ­մե­րու վե­րապատ­րաստման աշ­խա­տան­քով, որ­մէ ետք գոր­ծակցած ենք Գիւմրիի հի­ւան­դա­նոցին հետ։ Այ­նուհե­տեւ մեր յա­ջոր­դա­կան հինգ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ըն­թացքին կեդ­րո­նացած ենք չափահաս­նե­րու հո­գեբու­ժու­թեան վրայ։

Ներ­կա­յիս, մեր ծրագ­րի երկրորդ փու­լին՝ ծան­րա­ցած ենք ման­կա­կան հո­գեբու­ժութեան վրայ, նկա­տի ու­նե­նալով որ Հա­յաս­տա­նի մէջ այս մար­զը գրե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի, ուր մաս­նա­գէտ­նե­րու խիստ պա­հան­ջը կայ։ Այդ ուղղու­թեամբ այժմ միա՛յն 12 մաս­նա­գէտ կ՚աշ­խա­տի, որոնք յա­ռաջա­ցած տա­րիք ու­նին եւ յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցումը ապա­հովող լաւ նշան­ներ չեն երե­ւիր։ Առ այդ սոյն գի­տաժո­ղովը կազ­մա­կեր­պած ենք՝ այս մար­զին մէջ հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ջեւ կա­պը վե­րահաս­տա­տելու եւ մեր մօ­տեցումնե­րը վե­րանա­յելու նպա­տակով։ Այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը յա­ջողու­թիւն կը սե­պենք, նկա­տի ու­նե­նալով մեծ թի­ւով տե­ղական եւ օտար մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակցու­թիւնը եւ գիտաժողովին նկատ­մամբ ստեղծուած մեծ հե­տաքրքրու­թիւնը։

«ՆՅ» – Հա­յոց բա­նակին մէջ անձնաս­պա­նու­թիւննե­րու հար­ցը ներ­կա­յիս վի­ճար­կումնե­րու կեդ­րո­նը կը գտնուի։ Ի՞նչ զու­գա­հեռ­ներ կը գծէիք ֆրան­սա­կան եւ հայ­կա­կան բա­նակ­նե­րու ծա­ռայու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ։

Ժ-Ֆ.Կ. – Այս առու­մով շատ տե­ղեակ չեմ Հա­յաս­տա­նի կա­ցու­թե­ան, բայց հայ գոր­ծա­կից­նե­րուս տուեալ­նե­րով՝ երի­տասարդ զօ­րակո­չիկ­նե­րուն կեան­քի պայ­մաննե­րը դժուար են։ Հա­յոց բա­նակը սո­վետական շրջա­նէն ի վեր շատ քիչ բա­րեփո­խուած է։ Ան կը մնայ գլխա­ւորա­բար կո­պիտ կար­գա­պահա­կան շրջա­նակին մէջ՝ չա­րաշահ­ման բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րով։ Հե­տեւա­բար անձնաս­պա­նու­թեան խնդի­րը շատ զար­մա­նալի չէ։ Ֆրան­սան մաս­նա­գիտա­ցած բա­նակ ու­նի եւ հոն երիտասարդները այլեւս պարտադրաբար չեն ծառայեր։ Սա­կայն այն տարիներուն երբ զի­նուո­րական ծա­ռայու­թիւնը պարտադիր էր, բա­նակը արդէն մե­ծապէս բա­րելա­ւած էր երի­տասարդ զօ­րակո­չիկ­նե­րու կեան­քի պայ­մաննե­րը։ Ան ար­դէն նկա­տած էր անձնաս­պա­նու­թիւննե­րու թի­ւին աճը, որու հե­տեւան­քով ալ բա­րեկար­գած էր զի­նուոր­նե­րու ըն­դունե­լու­թեան եւ անոնց նկատ­մամբ հե­տեւո­ղական աշ­խա­տան­քի որա­կը։ 18-20 տա­րեկան զի­նակո­չիկ­նե­րը տա­կաւին հա­սունցած չեն եւ հո­գեկան փխրուն վի­ճակ ու­նին։ Բա­նակը իր անանձնականացնող ու ապակառուցող շրջանակով կրնայ բա­ցասա­կան հե­տեւանքներ ու­նե­նալ առա­ւել թոյ­լե­րու վրայ։

«ՆՅ» – Ի՞նչ ըսել է «մաս­նա­գիտա­ցած բա­նակ»։

Ժ-Ֆ.Կ. – Մաս­նա­գիտա­ցած բա­նակը՝ ար­հեստա­վարժնե­րէ կազ­մուած կո­փուած եւ իրա­զեկ փոքր կա­մաւո­րական բա­նակ մըն է։ Ընտրու­թեան փու­լին այդ կա­մաւոր­նե­րու ֆի­զիքա­կան եւ հո­գեբա­նական կա­ցու­թիւնը ման­րակրկիտ կեր­պով կը քննար­կուի, որով­հե­տեւ ֆի­զիքա­կանի կող­քին նոյնքան կա­րեւոր է զի­նակո­չիկի հո­գեկան իրա­վիճա­կը, որով­հե­տեւ ան պէտք է կա­րենայ ծայ­րա­յեղ պայ­մաննե­րու մէջ պա­հել իր սառ­նա­րիւ­նութիւ­նը։ Այդ պատ­ճա­ռով շատ երի­տասարդներ որոշ ժա­մանակ անց կը հե­ռացուին բա­նակէն։ Ինչ կը վե­րաբե­րի պարտադիր ծառայութեան բանակին, ապա այնտեղ բո­լորը կ՚ըն­դունուին, եւ ուր աշ­խա­տան­քի պայ­մաննե­րը տար­բեր են։

«ՆՅ» – Հա­յաս­տա­նի պա­տերազ­մա­կան վի­ճակին մէջ գտնուիլը առա­ւել կը սրէ լա­րումը…։

Ժ-Ֆ.Կ. – Իրա­պէս ալ զի­նուո­րական հա­կամար­տութիւ­նը կը սնա­նէ մա­հուան երե­ւակա­յու­թիւնը։ Ներ­կա­յի կա­ցու­թիւնը կը նմա­նի ու­րուական պա­տերազ­մի մը՝ սահ­մա­նին տե­ղի ու­նե­ցող փոքր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով։ Ճիշդ է որ իրա­կան պա­տերազմ մը չէ, բայց ան­շուշտ պա­տերազմ է։ Այս բո­լորը կը սնու­ցա­նեն ընկճախ­տը, պատ­ճառ կ՚ըլ­լան ըն­տա­նիքէն մե­կու­սա­ցու­մին եւ զի­նուո­րի ապա­կողմնո­րոշ­ման։ Կ՚են­թադրեմ թէ, Հայ­կա­կան բա­նակին մէջ պէտք է աչ­քէ ան­ցը­նել խեղումի թի­ւերը։ Օրի­նակ, Ալժե­րիոյ կամ Հնդկաչինի պա­տերազ­մի ըն­թացքին նման դէպ­քեր շատ պա­տահե­ցան, երբ զի­նուո­րը կա­մաւոր կեր­պով իր ոտ­քե­րուն կամ ձեռ­քին կը կրա­կէր, որ­պէսզի ճա­կատէն հե­ռացուէր։ Պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ ար­կածնե­րու թի­ւերը, որոնք իրա­կանու­թեան մէջ կրնան քօ­ղար­կուած անձնաս­պա­նու­թիւն ըլլալ։

Տեսակցեցաւ՝
Ժիրայր Չոլաքեան ■

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4