June 6, 2023

Ի՞նչ կը կատարուի Աֆրինի մէջ. Ռոպերթ Ֆիսք կը բանայ փակագծերը

Բրիտանացի քաղաքական լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք զգուշացուցած է Աֆրինի մէջ թրքական յարձակումներուն հետեւանքով մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումէն:
«The Independent» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Ֆիսք նշած է, որ Աֆրին հասնելով ինք ականատես եղած է թրքական ուժերու գիշերային հրթիռակոծումներուն, որուն հետեւանքով Մաապաթլի գիւղին մէջ ամբողջ տուն մը քանդուած է, իսկ տան հինգ անդամներէն միայն 19-ամեայ պարմանուհին հրաշքով փրկուած է:
Ֆիսք գրած է, թէ տան բնակիչներու կօշիկները տակաւին տան դրան մօտ աջ ու ձախ նետուած են, շեշտելով, որ վերջիններս ոչ թէ քիւրտ էին, այլ Հալէպի արուարձանէն ժամանած արաբ փախստականներ:
Այնուհետեւ լրագրողը այցելած է Աֆրինի հիւանդանոց, ուր Անգարայի կողմէ «ահաբեկիչ» անուան տակ դասուած տասնեակ վիրաւորներ կային, սակայն իրականութեան մէջ անոնք սովորական քաղաքացիներ էին, որոնց թուին կային կիներ, մանուկներ, ու անոնց մեծ մասը արաբ էին եւ ոչ քիւրտ:
Ֆիսք «դաժան» որակած է թրքական կողմի յայտարարութիւնները, իր տեսածներուն հետ համեմատած, շեշտելով, որ Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութեան արդիւնքով յունուարի 21-ին 70 թրքական ռազմական օդանաւով քրտական ինքնապաշտպան ուժերուն ենթակայ աւելի քան հարիւր ռազմակայան հրթիռակոծած է, սակայն նոյն օրը հիւանդանոց տեղափոխուած է 34 սովորական քաղաքացիի դիակ:
Ծանօթանալով հիւանդանոցի գրանցամատեանին, Ֆիսք նկատած է, որ 21-26 յունուարի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին հիւանդանոցը ընդունած է միայն 4 զոհեր եւ երկու վիրաւոր քիւրտեր, իսկ յաջորդող օրերուն 7 զոհուածներ ու 9 վիրաւորներ, մինչդեռ վիրաւորներու ամբողջական թիւը 49 է:
«Հիւանդանոցի բաժինները այցելած ժամանակ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ո՞ւր լսած եմ նման բան: Արդեօք այն հարաւային Սուտանի մէջ «ահաբեկիչներ»ու դէմ իսրայէլեան յարձակումներու կրկնութիւնը չէ՞, կամ «սերպական ուժեր»ուն դէմ ՆԱԹՕ-ի իւրաքանչիւր յարձակումը, նախկին Եուկոսլաւիայի մէջ, կամ 1991 եւ 2003 թուականներուն իրաքեան ուժերուն դէմ իւրաքանչիւր ամերիկեան յարձակումը, կամ Աֆղանիստանի մէջ եղածներն ու անցեալ տարի Մոսուլի մէջ եղածները: Անոնց բոլորն ալ «կողմնակի ազդեցութիւններ»է խուսափելու համար բծախնդրութեամբ իրագործուած «վիրահատական» գործողութիւններ էին, որոնց հետեւանքով տասնեակ, հարիւրաւոր ու հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկած են, եւ այն գործողութիւնները կ’իրականացուին Իսրայէլի, ՆԱԹՕ-ի, Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ կողմէ, զիրար սուտերու ու զոհերու մէջ խեղդելով»,- գրած է Ֆիսք:

arevelk.am

Inside Afrin, the true victims of Turkey’s invasion of northern Syria are revealed – refugees, babies, women and children

On the ground in Afrin, it’s hard to know what Kurdish fighters really stand for

 

 

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4