June 6, 2023

Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորեցին Սարգիս Հացպանեանը (տեսանիւթ)

Այսօր «Եռաբլուր» յուշահամալիր-պանթէոնին մէջ յուղարկաւորեցին հասարակական, քաղաքական գործիչ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանը։ Կը գրէ tert.am-ը:

Անոր հարազատները, ընկերները, գործընկերներն ու հասարակական գործիչներ Հացպանյանին վերջին հրաժեշտը տուին։

Նշենք, որ Սարգիս Հացպանեանը մահացած էր 20յունուարին՝ Ֆրանսայի մէջ, ուր կը բուժուէր։ Անոր մահէն ետք հարազատները Հացպանեանը Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորելու թոյլտուութեան համար դիմած էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն։ Հիմնաւորումները ներկայացնելէ ետք ՊՆ-ն անոր Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորելու համաձայնութիւն տուած էր։

Յիշեցնենք, որ Սարգիս Հացպանեանը ծնած էր 1962 թուականին Թուրքիոյ Ալեքսանտրէտ քաղաքին մէջ։ 1980-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման հետեւանքով մեկնած է Եւրոպա, դարձած է Ֆրանսայի քաղաքացի։ Աւարտած է Սորպոնի համալսարանի բեմադրութեան բաժինը։ 1990 թուականէն բնակած է Հայաստանի մէջ։

arevelk.am

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4