
Զինք առաջին անգամ տեսայ Փարիզ ,Սեվր, վերապատւելի Ճեյմզ Գառնուզեանի կազմակերպած Համահայկական 3րդ համագումարին
Տաքարիւն էր, շատ բողոքեց, քննադատեց:
Ծնած էր Թուրքիոյ հարաւ արևելեան անկիւնը, Մուսալեռցիի արմատներ ունէր:Բուն մականունը ՝էքմեքջեան էր։
Կը համագործակցէր թուրք ձախակողմեան կազմակերպութիւններու հետ ,փախած էր թուրքիայէն ,կապեր ունէր նաև Հայ ազատամարտիկներու հետ:
Լաւ կը տիրապէտեր թէ Հայերէնի և թէ թրքերէնի: Հմուտ էր շրջանի ժողովուրդներու-Քիւրտեր, Թուրքեր, Զազաներ -մտածողութեան և քաղաքականութեան:
Աւարտած էր Պոլսոյ Դպրեվանքը և Փարիզի մէջ կուսանէր շարժանկարի արուեստ:
Հայաստանի անկախութենէն ետք, Արցախի պատերազմի ժամանակ մտաւ Լէոնիդ Աղդալեանի գումարտակին մէջ:
Կը հիանար Լէոնիդ Աղդալեանի վրայ:
ֆիլմեր վերցուց և սփիւռքի գադութներու մէջ ցուցադրեց:
Արցախի օժանդակութեան կազմակերպութիւններ ստեղծեց, դրամահաւաք կազմակերպեց:
Մենք որպէս Տուիսպուրկի Հայ Համայնք իր խողովակով, Արցախ, Մարտակերտի շրջան, ստեղծեցինք փռքրիկ գիւղ մը, նոր կարմիր Ավան անունով, Արցախի պատերազմի գաղթականներու համար:
Անկէ բացի շատ օժանդակութիւն հաւաքեց աշխարհի տարբեր անկիւններէն:
Շատ սուր լեզու ունէր:
Անխնայ քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւնները, հակադրուեցաւ բուռն ձևով նախկին նախագահ Ռոբերթ Քոչարեանի և ՀՅԴի և բանտարկուեցաւ Սերժ Սարգիսեանի իշխանութեան օրով-Հայաստանեան քաղաքաւար բառը -Ազատազրկում- և հարց դրուեցաւ զինք Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ միասին որպէս արատասահմանեան քաղաքացիներ, Հայաստանէն վտարելու:
2011թուականին Սփիւռք-Հայաստան համաժողովի ժամանակ երբ այս հարցով ստորահաւաք կը կազմակերպէինք, սփիւռքի նախարարութեան “աշխատողները” եկան ու խանգարեցին, թուղթերը մեր ձեռքէն առին:
Իսկ երբ Արցախի նախագահ պարոն Բակօ Սահակեան Քէօլն կը գտնուէր, այցելութեամբ, ևրոպայի Հայերու Համագումարի վարչութեան ընկերներով և Սարգիսի քրոչ Սաթենիկի հետ միասին, մօտեցանք այս հարցով, պահանջելով որ Արցախի համար այսքան վաստակ ունեցող տղաք ոչ թէ պէտք է վտարուին հայրենիքէն այլ պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստանան”այս հարցը արդէն լուծուած է”ըսաւ ու փախաւ:
Մեզմէ պոկելիք չունէր:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է թէ իր կեանքի ամենատխուր օրը հայրենիքի մէջ բանտարկութեան ենթարկուիլն է։
Վերջին տարիներուն թուրք հրատարակիչ Ռակիբ Զարաքօղլուի և քիւրտ գրող Ռեջեբ Մարաշլըի հետ շրջապտոյտ մը կատարեց ևրոպայ ,դուրսը ապրող թուրք-Քիւրտ հասարակութիւնը
լուսաբանելու նպատակով:
Ծրագրած էր Գերմանական մոտելով ձախ կուսակցութիւն հիմնել Հայաստանի մէջ:
Զիս միշտ կը քննադատէր, ըսելով թէ բոլորս Հայաստան պէտք է հաւաքուինք, դուրսը ընելիք չունինք։
Դաժան հիւանդութիւնը օտարութեան մէջ վերջակէտ դրաւ իր բոլոր երազներուն ու ծրագիրներուն:
Կը մաղթենք որ հայրենի հողի վրայ արժանավայել ձևով թաղուի։
Րաֆֆի Պետիկեան
Տինսլաքըն՝
27.01.2018
Leave a Reply