
Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն, Թուրքիոյ լրատուամիջոցները Աֆրինի պատերազմին շուրջ կեղծ տեսագրութիւններ կը տարածեն, սակայն անոնք իրականութեան մէջ «Medal of Honor» համակարգչային խաղէն առնուած հատուածներ են:
Նշուած է, որ «Հապէրթուրք» կայանի եւ «Միլլիէթ» թերթի հրապարակած տեսագրութիւններու վերին հատուածին մէջ նկատելի է «W M82» եւ «L 005» գրութիւնները, որոնք նշեալ խաղին վերաբերող նշաններ են:
Թերթը բացայայտած է նաեւ, որ իշխանամէտ «A Haber» կայանին հրապարակած լուսանկարները, որոնք իբրեւ թէ Աֆրինի մէջ թուրք զինուորներու կատարած գործողութիւններուն կը վերաբերին, իրականութեան մէջ 2004 թուականի հայ-ատրպէյճանական մարտերուն վերաբերող լուսանկարներ են:
arevelk.am
Leave a Reply