June 5, 2023

Ինչո՞ւ Հալէպի քրիստոնեաները կը համակրին Ասատին

Սուրիացի գրող Ռոժէ Ասֆար փորձած է ուսումնասիրութիւն մը կատարել, պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ Հալէպի քրիստոնեաները առաջին իսկ օրէն դէմ էին Ասատի դէմ բռնկած յեղափոխութեան ու մինչեւ վերջին օրը կանգնած մնացին Ասատի կողքը:

Փարիզի մէջ գործող Արաբական բարեփոխութիւններու  նախաձեռնութեան կայքի էջերուն հրապարկուած յօդուածին մէջ Ասֆար անդրադարձած է տասնամեակներէ ի վեր Սուրիոյ քրիստոնեաներուն վայելած յատուկ ուշադրութեան, որ կը կայանայ ազատ կերպով իրենց կրօնական ծէսերու կիրառմամբ, կրօնական տօները նշելով եւ եկեղեցւոյ ենթակայ կառոյցներու ծաւալած գործունէութեան մէջ:

Ասֆարիի համոզմամբ, Ասատ իր նախագահական նստաշրջանի առաջին օրերէն յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած է երկրի քրիստոնեաները, մէկ կողմէ անուղղակիօրէն դաշինք ստեղծելով քրիստոնեայ եւ ալեւի փոքրամասնութիւններուն միջեւ, միւս կողմէ քրիստոնեաներուն հասկցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգի պայմաններուն մէջ, Սուրիոյ քրիստոնեաները պաշտպանուած են:

Ըստ յօդուածագիրին, Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին օրերուն Սուրիոյ քրիստոնեաներու դիրքորոշումը յստակ չէր, ու անոնք երկմտանքի մէջ էին, չկարողանալով որոշել, թէ ո’ր կողմին պիտի միանան, սակայն աստիճանաբար անոնց դիրքորոշումը յստակացաւ ու անոնք անցան կառավարական ուժերու կողմը, մինչեւ վերջին օր մնալով Ասատի կողքը:

Հալէպի ազատագրումէն ետք, կը պատմէ Ասֆար, Հալէպի քրիստոնեաներուն մօտ երախտիի զգացում առաջանալով վերջիններս տարբեր միջոցներով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտիքը փոխանցեցին Ասատին ու Սուրիոյ կառավարական բանակին:

arevelk.am

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*


4/AAB0Q2qi2hC5WMFScWsapOW0d1ypdvjHSDFgUciTQjW7ImoDTCNLGO4